2017-10-21 09:39:00

Սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածին հիմամբ. արտակարգ ընտրութիւններ` Քաթալոնիոյ մէջ


Այսօր Սպանիոյ կառավարութիւնը պիտի որոշէ ստանձնել Քաթալոնիոյ կառավարման հարցը: Նմանապէս` յառաջիկայ յունուարին կանխահաս արտակարգ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան վերջերս անկախութեան հանրաքուէ կատարած Քաթալոնիոյ շրջանին մէջ:

Այս քայլերը պաշտօնապէս պիտի վճռուին այսօր` հետեւելով Սպանիոյ սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածի տրամադրութիւններուն: Նշեալ յօդուածին հիմամբ, երկրին իշխանութիւնը լիազօրուած է  ստանձնելու տագնապի մէջ եղող որեւէ նահանգի կառավարումը:

Նմանապէս, նոյն յօդուածին հիմամբ իշխանութիւնը լիազօրուած է չեղեալ նկատելու նախորդ որոշումները, այս պարագային` Քաթալոնիոյ մարզի հանրաքուէին արդիւնքները, ինչ որ համազօր է մարզի ինքնավարութեան սահմանափակումին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.